2010-10-26 13:11:20

Մամլոյ Հաղորդակցութիւն` Ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը՝ ՜՜Գաղթականութեան Եւ Ապստանեալներու Համաշխարհային 97րդ Օրուայ՝՝ Առթիւ։


Այսօր Երեքշաբթի 26 հոկտեմբեր 2010, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնի մէջ ժամը 11.30ին տեղի ունեցաւ Մամլոյ Հաղորդակցութիւն` ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ ՜՜Գաղթականութեան եւ Ապստանեալներու Համաշխարհային 97րդ օրուայ՝՝ առթիւ որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 16 յունուար 2011ին` ՜՜ մարդկային մէկ ու միակ ընտանիք՝՝ նիւթին մասին։
Հաղորդակցութեան նիստին մասնակցեցան Գերապայծառ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն, նախագահը՝ Քահանայապետական Գաղթականներու եւ Ապստանեալներու հովուական խորհուրդին եւ Հայր Կապրիէլէ Պէնդոլիոն վերոյիշեալ խորհուրդի ենթաքարտուղարը։
Իսկ Ժամը 10.30 ին - Հռոմի Օրիոնէ անուան սրահին մէջ - Իտալիոյ Գարիթասը եւ Միկրանդէս (Փախստականութիւն) անունով Հիմնարկը միասնաբար ներկայացուցին Գաղթականութեան հայող 20րդ տեղեկագիրը ՜՜1991 - 2010 Թղթածրարը՝ Ի նպաստ մերձաւորի եւ անոր մշակոյթին՝՝։
Թղթածրարը որ բաղկացած է 50 համարներէ կը ներկայացնէ գաղթականութեան զանազան տեսակէտերը եւ գաղթականութեան տարբեր դրդապատճառները, հասարակատնտեսական, մշակութային եւ իրաւաբանական գետնի վրայ։ Ներկայացումը կատարեցին Գերապայծառ Էնրիքօ ֆէրոչի, Հռոմի Թեմի Գարիթասի Տնօրէն` Գործարար Ռատուան Խաուաթմին եւ Գերապայծառ Կուէրինօ Տի Թորան Լացիօ մարզի Եպիսկոպոսական Դասի քարտուղարը, մինչ եզրափակիչ ելոյթը ունեցաւ Իտալիոյ Լացիօ Մարզի Նախագահը՝ Րէնադա Բոլվերինին։







All the contents on this site are copyrighted ©.